Մեծն Բրիտանիոյ Եպիսկոպոսներու Կոչը Աղօթելու` Սուրիոյ Խաղաղութեան Ի նպաստ Եւ Օգնելու
Սուրիացի Ժողովուրդին
Անգլիացի եպիսկոպոսները անկեղծ կոչ մը ուղղած են սուրիոյ խաղաղութեան ի նպաստ որուն մէջ
կը յորդորեն հաւատացեալները աջակցելու կաթողիկէ հաստատութիններուն որոնք կ՝աշխատին
օգնելու համար սուրիացի ժողովուրդը։ Անգլիոյ Եպիսկոպոսական դասի նախագահ` Գերապայծառ
Վինսէնդ Նիքոլս եւ միջազգային յարաբերութիւններու եպիսկոպոսական յանձնախումբի նախագահ`
Տէգլան Լանկի, հրապարակած միասնական յայտարաութիւնը կը հրաւիրէ Անգլիոյ կաթողիկէ հաւատացեալները,
աղօթելու բոլոր անոնց համար որոնք կը զբաղին մարդասիրական օժանդակութեամբ ու նաեւ աղօթելու
աշխհարի քաղաքական իշխանութիւններու դիտաւորութեան որպէսզի, օր մը առաջ, սկիզբ առնեն
խաղաղութեան ի սպաս բանակցութիւնները։ Անգլիացի եպիսկոպոսները իրենց հրապարակած յայտարարութեան
մէջ կը նշեն նաեւ Սուրիացի ժողովուրդին տառապանքը որ օրէ օր կը կը բազմապատկուի եւ
ոչ միայն բռնութեան պատճառով այլ նաեւ տնտեսական դժուարութիւններու հետեւանքով որ հետզհետէ
կ՛աճին, մանաւանդ ամառնային այս տաք օրերուն որ կը վատդարացնեն գաղթակններու կացութիւնը։
Ի տես Միջին Արեւելքի եւ Սուրիացի ժողովուրդի տառապանքին յառաջիկայ ուրբաթ 12 յուլիսի
յետմիջօրէի ժամը 17,30-ին, Լոնտոնի Ուեսթմինսթերի տաճարին մէջ նախատեսուսծ է սուրբ պատարագի
յատուկ արարողութիւն մը Սուրիացի ժողովուրդին դիտաւորութեան։